Անգլիական մարզական մամուլը առհասարակ եւ «The Mirror» օրաթերթը ի մասնաւորի, յայտնեցին ըսելով, որ Անգլիոյ կառավարութիւնը արտօնած է վերսկսիլ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը՝ յառաջիկայ յունիսին, անվտանգութեան առաւելագոյն զգուշացումներով:
Նշենք, որ վերջերս «Փրեմիեր-Լիկ»-ի կազմակերպիչները, առցանց հանդիպում ունեցան ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր խումբերուն ղեկավարութեան հետ, քննարկելով տարբեր տեսակի հարցեր, երբ ախոյեանութիւնը վերսկսի: