Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ-Արմենիա ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ 3-0 յաղթեց Փիւնիկին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Արարատ-Արմենիա իր տրամադրութեան տակ ունի 36 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լոռի ունի 32 կէտ: Անիկա այս հանգրուանին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Շիրակին:
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ալաշկերտ, որ ունի 31 կէտ, այս հանգրուանին 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Նոայէն:
Նոյնքան կէտ ունեցող Արարատ, որ կը գտնուի չորրորդ դիրքին վրայ, այս հանգրուանին նուազագոյն արդիւնքով յաղթեց Ուրարտուին: