Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը՝ «Պունտըսլիկա»-ն, որ նախորդ 8 մարտին դադրած էր տեղի ունենալէ, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, նախորդ շաբաթավերջին վերսկսաւ, երբ տեղի ունեցան 26-րդ հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ արձանագրեց տարեշրջանի իր 18-րդ յաղթանակը, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրին՝ Իւնիոն Պերլինին:
Պորուսիա Տորթմունտ բարձրացաւ երկրորդ դիրք, 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով իր հիւրին՝ Շալքէին: Տորթմունտ այժմ ունի 54 կէտ եւ 2 կէտով ետ կը մնայ Պայէրնէն:
Պորուսիա Մէօնշընկըլատպախ, բարձրացաւ երրորդ դիրք, 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտէն: Անիկա ունի 52 կէտ:
Բնականաբար, մրցումները տեղի ունեցան առանց հանդիսատեսներու: