Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող՝ Պայէրն Միւնիխի եւ անոր անմիջական մրցակիցին՝ Պորուսիա Տորթմունտի միջեւ եօթը կէտի տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ, նկատի ունենալով որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին:
Պայէրն, որ հիւրընկալեց Ֆորթունա Տիւսելտոլֆին (16-րդ), արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռոպերթ Լեւանտովսքի տուպլէ մը իրագործեց:
Իսկ Տորթմունտ, որ հիւրը եղաւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Փատերպորնին, արձանագրեց 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն՝ Ճէյտըն Սանչօ հեթրիք մը իրագործեց:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Պայէրն ունի 67 կէտ, իսկ Տորթմունտ՝ 60: