Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Lindores Abbey Rapid Challenge» ճատրակի միջազգային առցանց մրցաշարքին, իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ ապահովեց քառորդ աւարտականին իր տոմսը: Այժմ անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը՝ Հիքարու Նաքամուրա:
Նշենք, որ «Lindores Abbey Rapid Challenge» ճատրակի առցանց այս մրցաշարքը կազմակերպուած է, աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընի կողմէ: