Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ-Արարատ Արմենիա՝ 2-2

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն դասակարգի խումբերուն փորձերը վերսկսելէն ետք, կը կատարուին նաեւ բարեկամական մրցումներ: Ալաշկերտ Երեւան, որ մրցեցաւ Հայաստանի գործող ախոյեան Արարատ Արմենիայի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Երկու կազմերն ալ կը ծրագրեն, մինչեւ նոր տարեշրջանին վերսկսման ազդանշանը տրուիլը, կատարել նաեւ քանի մը այլ բարեկամական մրցումներ եւս: Նշենք, որ ցարդ անորոշ է, թէ ախոյեանութիւնը ե՞րբ պիտի սկսի:

Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Քարլսընի Կազմակերպած Առցանց Երկրորդ Մրցաշարքին

Աշխարհի ճատրակի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն դարձեալ պիտի կազմակերպէ հերթական առցանց մրցաշարքը, որուն այս անգամ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան: Անոր կազմակերպելիք այս երկրորդ մրցաշարքը պիտի կրէ «Lindores Abbey Rapid Challenge» անուանումը: Անիկա պիտի սկսի յառաջիկայ 19 մայիսին եւ պիտի աւարտի յառաջիկայ 3 յունիսին: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող ճատրակ խաղացողները, պիտի մրցին արագ ճատրակի խաղերով, որ բաղկացած...

Էլչէի Ֆութպոլիստները Գործադուլ Յայտարարեցին

Սպանական «AS» մարզաթերթը յայտնեց ըսելով, որ Էլչէի ֆութպոլիստները յայտարարեցին, որ սկսած են գործադուլի: Անոնց միացած են նաեւ ակումբին գրեթէ բոլոր աշխատակիցները: Ֆութպոլիստները հրաժարեցան մարզուիլ, աշխատավարձի 30 տոկոսի կրճատման պատճառով: Էլչէի ֆութպոլիստներն ու աշխատակիցները, «Քորոնա» ժահրի իրենց քննութիւնները կատարելէ եւ փորձերու վերսկսելէ ետք կ՛ակնկալէին, որ աշխատավարձի կրճատման որոշումը վերանայուի ակումբին ղեկավարութեան կողմէ, սակայն ցարդ այդ մէկը տեղի չէ ունեցած: Սպանիոյ ֆութպոլի...

«Քալչիօ». Ընդմիջուած Ախոյեանութիւնը Կրնայ Վերսկսիլ 13 Յունիսին

Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը  (Քալչիօ) կրնայ վերսկսիլ յառաջիկայ ամիս, այս գծով կը յայտնէ «Bleacher Report»: Նշուեցաւ, որ ախոյեանութեան մասնակից ակումբները, կողմ քուէարկած են «Քորոնա» ժահրին պատճառով ընդմիջուած ախոյեանութիւնը վերսկսիլ յառաջիկայ 13 յունիսին: Այժմ ակումբները թէեւ սկսած են իրենց փորձերուն, բայց ֆութպոլիստները կը մարզուին անհատական ծրագիրով: Շատ հաւանական է, որ միայն յառաջիկայ շաբաթասկիզբէն ետք միայն, բոլոր ֆութպոլիստները սկսին միասնաբար մարզուիլ:...

«ՖԻՖԱ»-ն Ջնջեց Այս Տարուան «The Best»-ի Մրցանակաբաշխութիւնը

Ֆութպոլի միջազգային կազմակերպութիւնը՝ «ՖԻՖԱ»-ն, որոշեց այս տարուան՝ 2020-ի «The Best»-ի մրցանակաբաշխութիւնը չկատարել, այս գծով յայտնեց սպանական «Marca»-ն: Վերոնշեալ կազմակերպութիւնը կը կարծէ, որ անկարելի պիտի ըլլայ ընտրել տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստին եւ մարզիչին, հիմնուելով միայն 2019-2020 տարեշրջանի առաջին կէսի արդիւնքներով: Այս մէկէն մեկնելով, աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը պիտի շարունակուի համարուիլ, քաթալոնիական Պարսելոնայի արժանթինցի ֆութպոլիստ՝ Լիոնել Մեսսին, որ ճանչցուած էր լաւագոյնը՝ 2019-ին: Նշենք, որ...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Կրնայ Մնալ Անաւարտ

«Football Italia» կը յայտնէ ըսելով, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը կրնայ մնալ անաւարտ, եթէ խմբային փորձերուն վերսկսումէն ետք ի յայտ գան «Քորոնա» ժահրի նոր պարագաներ: Իտալիոյ առողջապահութեան փոխնախարար՝ Սանտրա Ցամփա կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Եթէ ոեւէ մէկը խումբերուն յանձնէ «Քորոնա» ժահրի դրական պատասխան, այժմէն իսկ կու գանք ըսելու, որ տարեշրջանը պիտի չվերսկսի: Եթէ դուք չէք ուզեր տարեշրջանը աւարտել, այդ մէկը աւարտողը պիտի...

«Ֆորմիւլա-1». Վեթել Պիտի Հեռանայ «Ֆեռարի»-էն

«Ֆորմիւլա-1»-ի գերմանացի վարորդ՝ Սեպասթիան Վեթել իր համագործակցութիւնը պիտի չշարունակէ «Ֆեռարի»-ի հետ եւ ընթացիկ տարեշրջանի աւարտէն ետք պիտի հեռանայ իր խումբէն,յայտնեց՝ անոր խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր պայմանագրութիւնը իտալական ընկերութեան հետ կ՛աւարտի 2020-ին: Նախքան այս լուրին հրապարակումը, յստակ դարձած էր, որ աշխարհի քառակի ախոյեան՝ Վեթել, չ՛ուզեր նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել «Ֆեռարի»-ի հետ, որովհետեւ իտալական խումբը նոր տարեշրջանին գծով անոր առաջարկած է միայն...

Լոնտոնի Քաղաքապետը Դէմ Է Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Վերսկսման

Անգլիական «Evening Standard» կը յայտնէ ըսելով, որ Լոնտոնի քաղաքապետը՝ Սատիք Խան, դէմ արտայայտուած է Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան վերսկսման գծով: «Քորոնա» ժահրին պատճառով դադրած տարեշրջանին վերսկսումը նախատեսուած է յառաջիկայ ամսուան՝ յունիսի սկիզբը: «Ան թէեւ հետաքրքրուած է «Փրեմիեր-Լիկ»-ի եւ արհեստավարժ մարզաձեւերուն վերսկսման գծով, սակայն երկիրը ճգնաժամի մէջ է եւ ամէն օր հարիւրաւոր մարդիկ զոհ կ՛երթան «Քորոնա» ժահրին: Այս մէկէն մեկնելով, ան կը...

Անգլիոյ Կառավարութիւնը Արտօնեց Ախոյեանութեան Վերսկսումը

Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Անգլիոյ կառավարութիւնը արտօնեց, որպէսզի «Փրեմիեր-Լիկա»-ն վերսկսի: «Marca» հաղորդեց ըսելով, որ ընդմիջուած ախոյեանութեան վերսկսումը նախատեսուած է՝ 1 յունիսէն ետք միայն: Բնականաբար, մրցումները պիտի կատարուին առանց հանդիսատեսներու: Նշենք, որ նախորդ 13 մարտին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները դադրեցան: Անոնք, նախորդ 3 ապրիլին,դարձեալ անժամկէտ յետաձգուեցան: Կը ծրագրուէր, որ անիկա վերսկսի նախորդ 30 ապրիլին, բայց այդ...

«ՖԻՖԱ»-ն Արտօնեց Մրցումի Մը Ընթացքին Հինգ Փոփոխութիւն Կատարել

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը՝ «ՖԻՖԱ»-ն, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ կ՛արտօնէ մրցումի մը ընթացքին հինգ փոփոխութիւն կատարել: Այս որոշումը պիտի գործադրուի «Քորոնա» ժահրին պատճառով ընդմիջուած, բայց մօտիկ ապագային վերսկսելիք մրցումներուն ընթացքին, ֆութպոլիստներուն ֆիզիքական բեռը քիչ մը թեթեւցնելու նպատակով: Նշենք, որ նախքան այս յայտարարութեան հրապարակումը, «ՖԻՖԱ»-ն իր այս առաջարկը առաջադրած էր անգլիական «Փրեմիեր-Լիկ»-ին: Ինչպէս ծանօթ է, որ աշխարհի տարածքին, վերոնշեալ...

Մարմնամարզիկները Վերսկսան Իրենց Փորձերուն

Հայաստանի մարմնամարզութեան տարբեր տարիքային հաւաքականներուն ներկայացուցիչները վերսկսան իրենց փորձերուն, այս գծով յայտնեց հայկական մարզական մամուլը: Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ՝ Յակոբ Սերոբեան նշեց, որ թէեւ փորձերը վերսկսան, բայց մարզիկներուն միջեւ կը պահպանուին անվտանգութեան բոլոր զգուշութիւնները: Փորձերը տեղի կ՛ունենան՝ Ալպերթ Ազարեանի անուան ողիմպիականի մարզադպրոցին մէջ: Ան նշեց, որ մօտիկ ապագային որեւէ մրցաշարքի մասնակցելու նպատակ չկայ: Իսկ գարնան ընթացքին նախատեսուած բոլոր մրցաշարքերն ալ...

«Ֆորմիւլա-1». 2020 Տարեշրջանը Կրնայ Ամբողջութեամբ Ջնջուիլ

Ինքնաշարժերու աշխարհի ախոյեանութեան՝ «Ֆորմիւլա-1»-ի կազմակերպիչները չեն բացառեր, որ 2020 տարեշրջանը ամբողջութեամբ կրնայ ջնջուիլ: «BBC» կը յայտնէ ըսելով, որ վերոնշեալ կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը, «կրան-փրի»-ներուն վերսկսման համար ոչ մէկ երաշխիք չունի, բայց որոշ քայլեր կը կատարէ, տարեշրջանը սկսիլ յառաջիկայ 5 յուլիսին, Աւստրալիոյ «կրան-փրի»-ով: Վերջերս, միջազգային մարզական մամուլը այտնած էր ըսելով, որ Հունգարիոյ «կրան-փրի»-ն կրնայ կատարուիլ առանց հանդիսատեսներու, կամ առհասարակ՝ բնաւ չկատարուիլ: Ըստ նախապէս...

Չինաստան՝ «ՖԻՏԷ»- ի «Ազգերու Լիկա»-ի Առցանց Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

«ՖԻՏԷ»-ին կողմէ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած ճատրակի «Ազգերու Լիկա»-ի առցանց մրցաշարքին տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Չինաստան, որ աւարտականի մրցումին 2-2 հաւասարութիւն մը արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու դէմ: Հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան սակայն, Չինաստան ինք է որ հռչակուեցաւ ախոյեան, նկատի ունենալով որ անիկա կարգ մը կարեւորագոյն մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրեց համապատասխան խաղատախտակներու վրայ: Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի հաւաքականին, որուն մաս կազմէ հայկական ճատրակի յառաջատար՝...

Հայրենի Ծանրաբարձները Սկսան Իրենց Ուսումնամարզական Հավաքին

Հայկական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան մեծերու եւ երիտասարդական հաւաքականները, սկսած են իրենց ուսումնամարզական հավաքին: Իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Հայաստանի հաւաքականին մարզիչ՝ Վիգէն Խաչատրեան ըսաւ, որ Աբովեան քաղաքին մէջ գտնուող մարզահամալիրին մէջ կատարուող հաւաքին կը մասնակցին, ընդհանուր առմամբ 16 մարզիկներ, որոնցմէ 10-ը մեծեր են, իսկ 6-ը` երիտասարդներ: Այս հաւաքը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ ամսուան աւարտը: Ինչպէս ծանօթ...

Եուվենթուսի Գրեթէ Բոլոր Ֆութպոլիստները Վերադարձան Իտալիա

«Football Italia» կը յայտնէ ըսելով, որ Եուվենթուսի գրեթէ բոլոր ֆութպոլիստներն ալ վերադարձան Իտալիա եւ պատրաստ են վերսկսելու իրնց փորձերուն: Նշուեցաւ, որ Իտալիա չեն վերադարձած միայն՝ Կոնցալօ Հիկուային եւ Ատրիան Ռապիօ: Ինչ կը վերաբերի այն ֆութպոլիստներուն, որոնք երկրէն չէին հեռացած եւ կը մնային Իտալիոյ մէջ, արդէն իսկ այս շաբաթասկիզբին անոնք սկսած էին իրենց թեթեւ փորձերուն: Շատ հաւանական է, որ Իտալիոյ ֆութպոլի...

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Վաղաժամ Կրնայ Աւարտիլ

«Sport-Express» կը յայտնէ ըսելով, որ մեծ ակնկալութիւն կայ, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը չշարունակուի եւ այս տարեշրջանը վաղաժամ աւարտի: Նշուեցաւ, որ երկրին ախոյեան հռչակուի Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ այժմ 50 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Անոր ետին կը գտնուի Լոքոմոթիւ Մոսկուա, որ ունի 41 կէտ: Նոյնքան կէտ ունի նաեւ՝ Քրասնոտար: Ռուսական մարզական մամուլին համաձայն, այս գծով վերջնական որոշում...

Ճատրակ.Արոնեանի Յաջող Ելոյթներու Շարքը Կը Շարունակուի

Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեանի յաջող ելոյթներու շարքը կը շարունակուի «ՖԻՏԷ»- ին կողմէ կազմակերպուած «Ազգերու- Լիկա»- ի ճատրակի միջազգային առցանց մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ ըլլալով: Արոնեան, որ մաս կը կազմէ Եւրոպայի հաւաքականին, 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, յաղթանակ արձանագրեց աշխարհի հաւաքականին մաս կազմող իրանցի իր մրցակիցին՝ Ալիռեզա ֆիրուզժայի դէմ, մինչ 6-րդ հանգրուանին ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս...

Պարսելոնայի Եւ Ռէալ Մատրիտի Ֆութպոլիստները Սկսան Իրենց Փորձերուն

Սպանական երկու անուանի ակումբներու եւ երկրին մէջ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն ունեցող ֆութպոլի երկու կազմերու՝ Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլիստները վերսկսան իրենց փորձերուն: Ֆութպոլիստները իրենց «Քորոնա» ժահրին քննութիւնները յանձնեցին եւ բնակութիւն հաստատեցին իրենց ակումբին մարզադաշտին մօտակայքը գտնուող վայրերու մօտ, որպէսզի անոնց փոխադրութեան գծով տաղտուկ չստեղծուի: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ամէն գնով աշխատանք կը տարուի Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա Լիկա»- ին երկրորդ...

Ճատրակ. Արոնեան Յաղթանակներ Արձանագրեց 3-րդ Եւ 4-րդ Հանգրուաններուն

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «ՖԻՏԷ»- ի «Ազգերու Լիկա»-ի ճատրակի առցանց մրցաշարքին, 3-րդ եւ 4-րդ հանգրուաններուն յաղթանակներ արձանագրեց: Արոնեան, որ մաս կը կազմէ Եւրոպայի խումբին, երրորդ հանգրուանին յաղթեց իր հնդիկ մրցակիցին, մինչ չորրորդ հանգրուանին ան իր յաղթանակը արձանագրեց ամերիկացի իր մրցակիցին դէմ: Չորրորդ հանգրուանէն ետք, այժմ Արոնեանի կազմը կը գրաւէ երրորդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ...

Մխիթարեան Կ՛ուզէ Մնալ Հռոմի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան կ՛ուզէ մնալ այժմու իր ակումբին՝ Ա. Էս. Ռոմային հետ: Այս գծով ֆութպոլիստը տեղեկացուցած է Արսենալին, կը յայտնէ իտալական «Corriere dello Sport»-ը։ Ան այս գծով տեղեկացուցած է իր գործակալին՝ Մինօ Ռայոլալին, յայտնելով, որ շատ գոհ է Հռոմ իր կեցութենէն եւ շատ լաւ յարաբերութեան մէջ է իր բոլոր խմբակիցներուն եւ մարզիչին հետ: Մինչեւ յառաջիկայ 30...

Page 608 of 1279 1 … 607 608 609 … 1,279

Արխիւներ