Սելթիք հռչակուեցաւ Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեան, երբ երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաղաժամ աւարտեց Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանը:
Անոր վաղաժամ աւարտելը, բնականաբար հետեւանք է «Քորոնա» ժահրին, նկատի ունենալով որ վերոնշեալ կազմակերպութիւնը այս ընթացքով մտադիր չէր շարունակելու կիսատ մնացած այս ախոյեանութիւնը:
30-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Սելթիք իր տրամադրութեան տակ ունէր 80 կէտ, մինչ անոր անմիջական մրցակիցը Ռէյնճըրզ՝ 67 կէտ: Իսկ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մատըրուէլ ապահոված էր 46 կէտ:
Նշենք, որ Սկովտիայէն առաջ, իրենց ախոյեանութիւնները վաղաժամ աւարտած էին՝ Արժանթին, Պելճիքա եւ Ֆրանսա: