Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի 28-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, Պորուսիա Տորթմունտ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պայէրն Միւնիխին:
Մրցումը աւարտեցաւ երկրին գործող ախոյեան՝ Պայէրնի յաղթանակով, 1-0 արդիւնքով:
Ժոշուա Քիմիչ նշանակեց մրցումին միակ կոլը՝ 43-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն որ այժմ ունեցաւ 64 կէտ, եօթը կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Տորթմունտին:
Նշենք, որ այս մրցումին, Պայէրնի բերդապահ՝ Մանուէլ Նէօյըր, իր կազմին հետ կատարեց իր 400-րդ մրցումը: