Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապաքինած է «Քորոնա» ժահրէն, այս գծով յայտնեց սերպ մամուլը:
Անոր կատարած քննութեան արդիւնքը, տուած է դրական պատասխան: Նշուեցաւ, որ անոր հետ ապաքինած է նաեւ անոր կինը՝ Ելենա, որ իր ամուսնոյն հետ վարակուած էր նոյն այս հիւանդութեամբ:
Նշենք, որ 33 տարեկան Ճոքովիչ, նախորդ 23 յունիսին վարակուած էր այս ժահրով:
Ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, տիրացած է 17 կրան-շլեմ-ի մրցաշարքերու տիտղոսներու: