Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւեն երկու խումբեր: Անոնք են՝ Շիրակ եւ Արարատ-Արմենիա: Երկուքն ալ ունին 46-ական կէտ: Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Նոա, որ ապահոված է 45 կէտ: Ալաշկերտ ունի 41 կէտ, Լոռի՝ 40, իսկ Արարատ՝ 33 կէտ:
27-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան՝ 6-7 յուլիսին, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Ալաշկերտ-Լոռի, Արարատ- Արարատ Արմենիա եւ Նոա-Շիրակ: