Ճապոնական «Kyogo» լրատուական գործակալութեան համաձայն, Ճափոնի մայրաքաղաք՝ Թոքիոյի բնակչութեան մեծամասնութիւնը, դէմ է 32-րդ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու կայացման:
Ինչպէս ծանօթ է, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, «Թոքիօ-2020»-ի խաղերը յետաձգուեցան յառաջիկայ տարուան՝ 2021-ի ամրան: Եթէ վերոնշեալ ժահրը յառաջիկայ տարի եւս արգելք հանդիսանայ անոր կայացման, կը կարծուի, որ անիկա անգամ մը յետաձգուի:
Ըստ ճշդուած յայտագիրին, այս խաղերը յառաջիկայ տարի պիտի սկսին 23 յուլիսին եւ պիտի աւարտին՝ 8 օգոստոսին, պահելով իրենց անուանումը՝ «Թոքիօ-2020»: