Գերմանական Ֆութպոլ. Թոմաս Միւլըր Պունտըսլիկայի Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ Պունտըսլիկայի 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ախոյեանութեան տիտղոսը իր մօտ պահած՝ Պայէրն Միւնիխ տարեշրջանը աւարտեց այլ յաղթանակով մը (տարեշրջանի 26-րդը), երբ 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Վոլֆսպուրկի դաշտէն:
Պայէրնի չորրորդ կոլը նշանակած Թոմաս Միւլըր Պունտըսլիկայի նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ առաջին կոլին էսիսթը կատարելով, տարեշրջանի մը ընթացքին իր արդիւնաւէտ փոխանցումներուն քանակը հասցուց 21-ի: Նախկին մրցանիշը հաստատած էր Քեւին Տը Պրիւյնը՝ 2015-ին:
Միւլըր, որ Պայէրնի միացաւ 2009-ին, այսպիսով իր կազմին հետ 9 անգամ հանդիսացաւ Գերմանիոյ ախոյեան, իսկ5 անգամ` երկրին բաժակակիր:
Այլ գետնի վրայ, անոր խմբակից՝ լեհ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, ճանչցուեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս գծով յայտնեց Պունտըսլիկայի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան այս տարեշրջանին, Պունտըսլիկայի 30 մրցումի ընթացքին, նշանակեց 33 կոլ:
Նշենք, որ վերջին երեք դիրքերը գրաւած Վերտըր Պրեմըն, Ֆորթունա Տիւսելտոլֆ եւ Փատերպորն փոխադրուեցան Բ. դասակարգ: