Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քրասնոտարի դաշտէն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, անիկա ժամանակէն առաջ հռչակուեցաւ Ռուսիոյ ախոյեան 13 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին եւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լոքոմոթիւ Մոսկուայի վրայ:
Ախոյեանութեան աւարտէն չորս հանգրուան առաջ, այժմ անիկա ունի 62 կէտ, մինչ Լոքոմոթիւ Մոսկուա՝ 49 կէտ: