Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը դադրեցաւ:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ մրցումներու արդիւնքներուն հետ խաղացած ըլլալու համար, Արագած, Թորփետօ, Մասիս, Լոքոմոթիւ եւ Երեւան ակումբները որակազրկուեցան:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 58 անձեր որակազրկուեցան ( 45-ը՝ ցմահ), տարբեր ժամկէտներով: