Ռէալ Մատրիտ-Կեթաֆէ մրցումով, այսօր կ՛աւարտի Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 33-րդ հանգրուանը: Անիկա պիտի սկսի ժամը
23:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մայրաքաղաքի կազմը, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 71 կէտ, կէտի մը առաւելութեամբ կը գերազանցէ իր մրցակիցին՝ Պարսելոնային: Եթէ պատահի, որ այսօր մայրաքաշաքի կազմը առաւելագոյն երեք կէտը խլէ իր հիւրէն, անիկա պիտի ունենայ չորս կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը անոր վրայ:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Պարսելոնա թէեւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին՝ Աթլեթիքօ Մատրիտին հետ, սակայն այս մրցումը եղաւ իւրայատուկ, Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ՝ Լիոնել Մեսսիի համար, նկատի ունենալով որ իր կազմին երկրորդ կոլը նշանակած Մեսսի, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, կը նշանակէր իր 700-րդ կոլը:
Մեսսի Պարսելոնայի հետ 724 մրցումի ընթացքին նշանակած է 630 կոլ, իսկ Արժանթինի հետ, 138 մրցումի ընթացքին՝ 70 կոլ: Ան այս տարեշրջանին Պարսայի հետ 28 մրցումի ընթացքին նշանակած է 22 կոլ: