Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «ՖԻՏԷ»-ին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի առցանց Օլիմփիատին:
Իւրաքանչիւր հաւաքականի մէջ պարտադիր է որ ըլլան իգական սեռէն երկու անդամներ, ինչպէս նաեւ քսան տարեկանէն վար տղայ մը եւ աղջիկ մը: Մրցումներուն պիտի մասնակցին վեց խաղացողներ (խառն):
Հաւաքականները կրնան ունենալ պահեստի վեց խաղացողներ:
Նշուեցաւ, որ Հայաստանի հաւաքականին ամբողջական կազմը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ շաբաթ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի մրցաշարքին, անիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 22 յուլիսէն` 30 օգոստոս: