Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, իր ակումբին՝ Ա. Էս. Ռոմայի հետ պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ օգոստոս, այս գծով կը յայտնէ «Tempo»:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, ան մինչեւ օգոստոսի վերջը մնալով իր ակումբին հետ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ «Եւրոպայի-Լիկա»-ի մրցումներուն:
Մխիթարեան, որ այս տարշրջանին սկիզբը, անգլիական Արսենալէն փոխ տրուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի, անոր հետ ցարդ յաջողած է նշանակել վեց կոլ, ինչպէս նաեւ կատարած է երեք էսիսթ:
Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անոր կազմը յառաջիկայ 2 յուլիսին, պիտի հիւրընկալէ Ուտինեզէին: