Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Նոա դարձեալ յաղթեց Ալաշկերտին երբ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Երեւանի Նայիրի մարզադաշտէն: Հիւր կազմը իր միակ կոլը նշանակեց մրցումին 87-րդ վայրկեանին:
Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին վրայ, Լոռի իր յաղթանակը արձանագրեց Արարատ-Արմենիայի դէմ, 2-1 արդիւնքով:
Երեւանի Ուրարտու մարզադաշտին վրայ, Փիւնիկ Երեւան 1-0 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ՝ Ուրարտուին:
Այս հանգրուանի բացման մրցումին, Արարատ Երեւանի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին վրայ, 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շիրակէն:
Նշենք, որ այս հանգրուանի մրցումներէն ետք, Շիրակ եւ Արարատ-Արմենիա ապահոված են 45-ական կէտ: Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող՝ Նոա իր տրամադրութեան տակ ունի 42 կէտ: