«Քորոնա» ժահրին պատճառով ընդհատուած «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 2020 տարեշրջանը ի վերջոյ սկսաւ երէկ՝ կիրակի, երբ տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ կրան-փրի-ն:
Անիկա աւարտեցաւ Մերսետես-ի վարորդ՝ Վալթերի Պոթթասի յաղթանակով, որ 71 լեփնոց այս կրան-փրի-ին արձանագրեց՝ 1 ժամ 30 վայրկեան եւ 55 երկվայրկեան արդիւնք մը: Այսպիսով ֆինլանտացին, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 8-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ առաջին:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ֆեռարի-ի վարորդ՝ Շարլ Լեքլերք, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Մաքլըրըն-ի վարորդը՝ Լանտօ Նորիս:
Նշենք, որ Մերսետես-ի վարորդ եւ աշխարհի գործող ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն չյաջողեցաւ բարձրանալ փոտիում: