Մարզական

«Եւրոպայի Լիկա». Ինթեր Միլան Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Հասան Կիսաւարտականին

«Եւրոպայի Լիկա». Ինթեր Միլան Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Հասան Կիսաւարտականին

Երէկ գիշեր տեղի ունեցան «Եւրոպայի Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտական հանգրուանի երկու ճակատումները: Մնացեալ երկուքը տեղի կ’ունենան այսօր: Գերմանական Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ, Ինթեր Միլան, որ մրցեցաւ Պայէր Լեւերքուզընի դէմ, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը: Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին: Ռոմելու Լուքաքու նշանակեց Ինթերի երկրորդ կոլը: Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ նուազագոյն...

Երեւանի Փոխքաղաքապետը՝ Շիրակի Նոր Նախագահ

Երեւանի Փոխքաղաքապետը՝ Շիրակի Նոր Նախագահ

Շիրակ Գիւմրիի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ Երեւանի փոխքաղաքապետ՝ Տիգրան Վիրաբեան ընտրուեցաւ նոր նախագահ: Նախկին նախագահն էր՝ Արման Սահակեան: Վիրաբեան, որ ծնած է 23 մայիս, 1984-ին, Լենինականի մէջ (այժմ՝ Գիւմրի), 29 հոկտեմբեր 2018-ին, Երեւանի աւագանիի նիստին ընթացքին, նշանակուեցաւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ:

2019-2020 Տարեշրջանի Եւրոպական Ֆութպոլի Մրցաշարքեր.  Հայաստանը` 10 Զօրաւոր Երկիրներուն Կարգին

Եւրոպական Ֆութպոլ. «Եւրոպայի Լիկա». Հայկական Ակումբներուն Մրցակիցները Յստակացան

Երէկ՝ երկուշաբթի, զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ գտնուող «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի «Եւրոպայի Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցաշարքին վիճակահանութիւնը: Այսպիսով, մրցաշարքին մասնակցող հայկական երեք ակումբներուն զտումի Ա. հանգրուանի մրցակիցները յստակացան: Հայաստանի փոխախոյեան եւ բաժակակիր Նոայի մրցակիցը պիտի ըլլայ ղազախական Քայրաթը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ մրցակիցին դաշտին վրայ: Ալաշկերտի մրցակիցն է՝ մակեդոնիական Ռենովան: Մրցումը տեղի պիտի...

Սպանական Ֆութպոլ. Վալենսիայի 2 ֆութպոլիստ Վարակուած՝ «Քորոնա» Ժահրով

Սպանական Ֆութպոլ. Վալենսիայի 2 ֆութպոլիստ Վարակուած՝ «Քորոնա» Ժահրով

Սպանական Վալենսիա ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ ակումբին երկու ֆութպոլիստներուն մօտ «Քորոնա» ժահրի նոր պարագայ յայտնաբերուած է: Ակումբը այդ երկու ֆութպոլիստներուն անունները թէեւ չնշեց, սակայն ըսաւ, որ անոնք երկուքն ալ ինքնամեկուսացումի մէջ են, իրենց տուներուն մէջ: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա լիկա»-յի աւարտած տարեշրջանին, Վալենսիա գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 9-րդ դիրքը, իրեն մարզիչ ունենալով՝ Խաւի Կրասիան: Նշենք, որ «Լա լիկա»-յի...

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլ. 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Պիտի Կատարէ

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլ. 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, յառաջիկայ 15-17 օգոստոսին, մարզական հաւաք պիտի կատարէ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ՝ Քնարիկ Գրիգորեան, այդ հաւաքին մասնակցող մարզիկներուն անունները հրապարակելով, յոյս յայտնեց, որ կը յաջողի անոնց հետ արդիւնաւէտ փորձեր կատարել եւ պատրաստուիլ յառաջիկային տեղի ունենալիք պաշտօնական մրցումներուն համար:  

«Էն. Պի. Էյ.».  Փլէյ-Օֆ-ի Վերջին Տոմսին Համար Պիտի Պայքարին Երեք Խումբեր

«Էն. Պի. Էյ.». Փլէյ-Օֆ-ի Վերջին Տոմսին Համար Պիտի Պայքարին Երեք Խումբեր

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ եւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, փլէյ-օֆ-ի իրենց տոմսը ապահոված խումբերուն թիւը բարձրացաւ 15-ի: Այժմ կը մնայ իմանալ, թէ ո՞ր վերջին խումբը պիտի ըլլայ 16-րդ կազմը, որ պիտի միանայ վերոնշեալ 15-ին: Արեւելեան շրջանի 8 խումբերուն անունները յստակացած են: Վերջին տոմսին համար, արեւմտեան շրջանէն պիտի պայքարին՝ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, Ֆէոնիքս...

Իտալական Ֆութպոլ. Անտրէա Փիրլօ Նշանակուեցաւ Եուվենթուսի Մարզիչ

Նախանցեալ օր, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուսի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ Մաուրիցիօ Սարրի ներկայացուց իր հրաժարականը, երբ անոր կազմը դուրս մնաց «Չեմփինզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն, չկարենալով հասնիլ քառորդ աւարտականին: Սարրի, որ 2019-ին նշանակուեցաւ ակումբին մարզիչ, թէեւ հանդիսացաւ երկրին ախոյեան, բայց չյաջողեցաւ տիրանալ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի եւ գերբաժակի մրցաշարքերուն տիտղոսներուն, պարտուելով  անոնց աւարտականներուն: Անոր հրաժարակէն ետք, ակումբին մամլոյ...

Հայկական Ֆութպոլ. Կեանքէն Հեռացաւ 34 Տարեկան Մարզիչ Լեւոն Ղասաբօղլեան

Հայկական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ 34 տարեկան մարզիչ՝ Լեւոն Ղասաբօղլեան մահացաւ, սրտի կաթուածի հետեւանքով: «Մեծապէս ցնցուած ենք անոր այս մահուան լուրին ի տես: Արարատ-Արմենիայի ակումբը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն, ցաւելով անոր վաղաժամ կորուստին համար», նշուեցաւ անոր նախկին ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: Ան 2006-ին մաս կազմած է Արարատ-Արմենիայի: Ապա, ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը...

Հայրենի Մարզաշխարհ. Արմէն Շահգելդեան Հեռացաւ Ուեսթ-Արմենիայէն

Ուեսթ-Արմենիա ֆութպոլի ակումբը, երկկողմանի համաձայնութեամբ խզեց իր կնքած պայմանագրութիւնը ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ Արմէն Շահգելդեանի հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ակումբէն հեռացան նաեւ գլխաւոր մարզիչին օգնականները՝ Յակոբ Մկրեան եւ Գոռ Աթաբեկեան: Շահգելդեան ընդունուած էր Ռուսիոյ մէջ գործող մարզիչներու բարձրագոյն դպրոցին մէջ (ВШТ), ուրտեղ կը մասնակցէր մարզիչներու «ՓՐՕ» արտօնագրի դասընթացքներուն: Նշենք, որ Ուեսթ-Արմենիա իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան...

Թենիս. Վավրինքա Հրաժարեցաւ Մասնակցիլ «US Open»-ին

Զուիցերիացի թենիսմէն՝ Սթանիսլաւ Վավրինքա, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ կը հրաժարի մասնակցիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք թենիսի «US Open»-ի կրան-շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Նշենք, որ նախապէս, այս մրցաշարքին չէին ուզած իրենց մասնակցութիւնը բերել՝ Ռաֆայէլ Նատալ, Էշլի Պարթի եւ ուրիշներ: «US Open»-ի կրան-շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 31օգոստոսէն՝ 13 սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Մրցաշարքը Պիտի Շարունակուի Առանց Եուվենթուսի Եւ Ռէալ Մատրիտի

  Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները եւ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող խումբերը: Եուվենթուս թէեւ իր դաշտին վրայ 2-1արդիւնքով յաղթեց Լիոնին, շնորհիւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի տուպլէին, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն, նկատի ունենալով որ երթին 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Ֆրանսայի մէջ: Երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման, դարձեալ 2-1արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, Մանչեսթըր...

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր Կը Կատարուին Քառորդ Աւարտականի Երկու Մրցումներ

«Եւրոպայի Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր՝ երկուշաբթի, կը կատարուին երկու մրցումներ: Մնացեալ երկու ճակատումները տեղի կ’ունենան վաղը՝ երեքշաբթի: Յաղթական կազմերը ուղղալիօրէն պիտի ապահովեն կիսաւարտականին իրենց տոմսը, նկատի ունենալով որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին որոշումով մրցումները պիտի կատարուին՝ առանց երթուդարձի, այլ՝ միայն մէկ մրցումով: Այսօրուան մրցումներուն, իրարու դէմ պիտի մրցին, առաջինին՝ Ինթեր Միլան եւ Պայէր Լեւերքուզըն, մինչ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Նոա՝ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր

Երէկ՝ կիրակի, տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին, Արարատ Արմենիա- Նոա մրցումը: Հայաստանի բաժակակիր եւ փոխախոյեան՝ Նոա, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին, երբ 2-1արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց երկրին գործող ախոյեանին դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ երկարձգումէն ետք, նկատի ունենալով որ անոր հիմնական ժամանակը վերջ գտաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան խումբերուն մաս կազմող օտարականներուն կողմէ:...

«Ֆորմիւլա-1». Սիլվըրսթոնի Կրան-Փրի-ն Աւարտեցաւ Վերսթափենի Յաղթանակով

Երէկ՝ կիրակի, տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 70-ամեակի՝ Սիլվըրսթոնի կրան-փրի-ն, Անգլիոյ մէջ: Անիկա աւարտեցաւ Ռետ-Պուլի հոլանտացի վարորդ՝ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ արձանագրեց՝ 1 ժամ 19 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան արդիւնք մը, ապահովելով՝ 25 կէտ: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց գործող ախոյեան, Մերսետեսի անգլիացի վարորդ՝ Լուիս Հեմիլթըն, մինչ փոտիում բարձրացած երրորդ վարորդը հանդիսացաւ, Հեմիլթընի խմբակից, ֆինլանտացի Վալթերի Պոթթաս: Երէկուան այս կրան-փրի-էն...

Հայրենի Մարզաշխարհ. Հենրի Աւագեան Միացաւ Վանի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին բերդապահ՝ Հենրի Աւագեան, միացաւ Չարենցաւանի Վանին, այս գծով յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նախապէս ան մաս կը կազմէր Ալաշկերտի, որուն հետ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր: Նշենք, որ Աւագեան, ցարդ միայն մէկ անգամ կրած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մարզաշապիկը:

«Եւրոպայի Լիկա». Սեւիլլա Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Ա. Էս. Ռոմային

Իտալական Ա. Էս. Ռոման, երէկ գիշեր դուրս մնաց «Եւրոպայի Լիկա»-յի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն, երբ Սեւիլլայի դէմ 1-16-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սպանիոյ մէջ: Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց Ա. կիսախաղին, 22-րդ եւ 44-րդ վայրկեաններուն: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+8-րդ), իտալական կազմին մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ: Այսպիսով, Սեւիլլա մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ա. Էս. Ռոմային,...

Հայկական Ֆութպոլ. Արմէն Մելիքբեկեան Այցելեց Տաւուշի Մարզ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ՝ Արմէն Մելիքբեկեան, երէկ այցելեց Տաւուշի մարզ, այս գծով յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նախագահը, փոխնախագահ՝ Արմէն Նիկողոսեան, գործադիր կոմիտէի անդամ՝ Աննա Թադեւոսեան եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Վահէ Ղալումեան, այցելեցին Բերդ համայնքի Պառաւաքար, Ներքին Կարմիր Աղբիւր եւ Այգեձոր գիւղերը, ծանօթանալու համար համայնքին խաղադաշտերուն ներկայ վիճակին մասին: «Մեր մեծ փափաքն է եւ բոլորին ալ ցանկութիւնն է, որ Բերդի տարածաշրջանի...

«Հանդիսատեսներու Մարզադաշտ Վերադարձը Կանուխ է», Կը Յայտնէ «ԱՀԿ»-ը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը(«ԱՀԿ»), անթոյլատրելի կը համարէ մարզական միջոցառումներու ընթացքին հանդիսատեսներու ներկայութիւնը: «Հանդիսատեսներու վերադարձը՝ մարզադաշտ, կրնայ սարսափելի հետեւանքներ ունենալ: 40, 50, 60 հազար անձեր մարզադաշտէն դուրս ելլելէ ետք, պիտի գործածեն հանրակառքեր, պիտի մեկնին սրճարաններ, ճաշարաններ, մեծապէս շատցնելով «Քորոնա» ժահրին տարածումը», յայտնեց «France24»-ը: Անիկա անթոյլատրելի կը համարէ հանդիսատեսներուն վերադարձը՝ մարզադաշտ, նկատի ունենալով, որ ցարդ կարելի չէ եղած յաղթահարել այդ ժահրին:  

«Չեմփիընզ-Լիկ». Այսօր՝ Եուվենթուս-Լիոն եւ Մանչեսթըր Սիթի-Ռէալ Մատրիտ

Ամիսներ տեւած ընդմիջումէ ետք, այսօր ուրբաթ, 7 օգոստոսին կը վերսկսին «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին մրցումները, երբ կը կատարուին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի երկու մրցումներ: Վաղը եւս կը կատարուին երկու մրցումներ: Այսօրուան մրցումներուն, առաջինին, Եուվենթուս կը հիւրընկալէ Լիոնին, մինչ երկրորդին Ռէալ Մատրիտ հիւրը կ’ըլլայ Մանչեսթըր Սիթիին: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ երթի մրցումներուն, Լիոն իր դաշտին...

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Մեկնարկը Տրուեցաւ

Այսօր՝ ուրբաթ, 7 օգոստոսին, մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ազատ ոճի 60 ըմբիշներ՝ Հայասստանի բոլոր մարզերէն և Արցախէն։ Հայաստանի ընբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր մարզիկները, ինչպէս նաեւ՝ մարզիչները, բժիշկները եւ այլ անդամներ, ենթարկուեցան «Քորոնա» ժահրի քննութիւններուն: Ախոյեանութիւնըպիտի կատարուի առանց հանդիսատեսներու. նոյնիսկ՝ առանց մարզական լրագրողներու:

Page 598 of 1279 1 … 597 598 599 … 1,279

Արխիւներ