Երէկ գիշեր տեղի ունեցան «Եւրոպայի Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտական հանգրուանի երկու ճակատումները: Մնացեալ երկուքը տեղի կ’ունենան այսօր:
Գերմանական Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ, Ինթեր Միլան, որ մրցեցաւ Պայէր Լեւերքուզընի դէմ, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը:
Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին: Ռոմելու Լուքաքու նշանակեց Ինթերի երկրորդ կոլը:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ նուազագոյն հաշւով յաղթեց Ֆ. Ք. Քոփենհակընին: Պրունօ Ֆերնանտես երկարաձգման ընթացքին փենալթիով նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը (95-րդ):
Այսօր, Շախտիոր Տոնեցք կը մրցի Պալի դէմ, մինչ երկրորդ մրցումին, Վուլվզ՝ Սեւիլլայի դէմ: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով: