Մարզական

Թենիս.  Ճոքովիչ Պիտի Մասնակցի «Եու. Էս. Օփըն»-ին

Թենիս. Ճոքովիչ Պիտի Մասնակցի «Եու. Էս. Օփըն»-ին

Յառաջիկայ 31օգոստոսէն 13 սեպտեմբեր, Նիւ Եորքի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Միացեալ նահանգներու թենիսի բաց ախոյեանութիւնը՝ «Եու. Էս. Օփըն»-ը: Անիկա իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին տեղի ունեցող չորրորդ կրան-շլեմ-ի մրցաշարքն է, Ուիմպըլտընէն, Աւստրալիայէն եւ «Ռոլան Կարոս»-էն ետք: Մրցաշարքին կազմակերպիչները երէկ պաշտօնապէս յայտնեցին, որ սերպ թենիսմէն՝ Նովաք Ճոքովիչ, որոշեց անոր իր մասնակցութիւնը բերել: Մրցաշարքը սակայն տեղի պիտի ունենայ առանց հանդիսատեսներու, «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Նշենք,...

«Չեմփիընզ Լիկ». -Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Չեմփիընզ Լիկ». -Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

-Այսօր՝ Պարսելոնա-Պայէրն Միւնիխ Փորթուգալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ կը շարունակուին կատարուիլ, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ճակատումները: Երէկ, գերմանական Լայփցիկ խումբը ստեղծեց մեծ անականկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Աթլեթիքօ Մատրիտին, արձանագրելով՝ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Լայփցիկ իր յաղթանակի կոլը նշանակեց՝ 88-րդ վայրկեանին: Կիսաւարտականին, Լայփցիկ պիտի ճակատի Փարիզ Սեն Ժերմէնի դէմ: Այսօր՝ ուրբաթ, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Ազդանշանը Կը Տրուի 2020-2021 Տարեշրջանին

Հայաստանի Ֆութպոլի Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Ազդանշանը Կը Տրուի 2020-2021 Տարեշրջանին

Այսօր՝ ուրբաթ, 14 օգոստոսին, ազդանշանը կը տրուի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան՝ «Vbet-Փրեմիեր-Լիկ»-ի 2020-2021 տարեշրջանին: Ա.հանգրուանի բացման մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Նայիրի մարզադաշտին վրայ, Ալաշկերտ կը հիւրընկալէ երկրին կրկնակի ախոյեան՝ Արարատ-Արմենիային: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 17:30-ին՝ Երեւանի ժամանակացոյցով: Վաղը՝ շաբաթ, բարձրագոյն դասակարգին մէջ իր նորամուտը կը նշէ՝ Վան, երբ ժամը 17:30-ին, Չարենցաւանի մարզադաշտին վրայ կը մրցի Գանձասար-Կապանի դէմ:...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէ. «Մարզական Ֆետերասիոններուն Ընտրութիւնները Կայացնել Ճշդուած Ժամկէտին»

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէ. «Մարզական Ֆետերասիոններուն Ընտրութիւնները Կայացնել Ճշդուած Ժամկէտին»

Երէկ՝ չորեքշաբթի, Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն, Պաապտայի մէջ յատուկ հանդիպում-ժողով մը գումարելով, յայտարարեց ըսելով, որ լիբանանեան մարզական ֆետերասիոնները, պէտք է իրենց նոր յանձնախումբերուն ընտրութիւնները կատարեն ճշդուած ժամկէտին, առանց զանոնք ուշացնելու կամ յետաձգելու: Այս հանդիպում-ժողովին ներկայ գտնուեցան, Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ՝ Ժան Համմամ, կազմակերպութեան այլ անդամները, ինչպէս նաեւ մարզական ֆետերասիոններու եւ մարզական լրագրողներու 21 ներկայացուցիչներ: Այդ ընտրութիւններուն թուականը ճշդուած է՝ 21 յունուար...

Հայաստանի Աղջկանց Պասքեթպոլ.  Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Կը Սկսի՝ 16 Օգոստոսին

Հայաստանի Աղջկանց Պասքեթպոլ. Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Կը Սկսի՝ 16 Օգոստոսին

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 16 օգոստոսին մեկնարկը կը տրուի Հայաստանի աղջկանց բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝ վեց խումբեր, Երեւանէն եւ Գիւմրիէն: Ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի շրջանաձեւ համակարգով, վեց շրջանով: Ապա, վեց շրջաններու արդիւնքներուն լոյսին տակ, խումբերը մրցումները պիտի շարունակեն՝ փլէյ-օֆ-ի դրութեամբ: Մասնակցող խումբերն են. Հատիս, Լեկենդ, Արցախ, Լես Ֆոքսես, Էրեբունի (Երեւան)...

Հայրենի Մարզաշխարհ.  Ռումյան Յովսէփեան Միացաւ Ալաշկերտի

Հայրենի Մարզաշխարհ. Ռումյան Յովսէփեան Միացաւ Ալաշկերտի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն՝ Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Ռումյան Յովսէփեան միացաւ կազմին: 28 տարեկան ֆութպոլիստը, Ալաշկերտ տեղափոխուեցաւ Պուլկարիոյ Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Արտա ակումբէն, որուն հետ կատարեց 24 մրցում՝ նախորդ տարեշրջանին: Փորձառու միջնապահը, նախապէս ելոյթ ունեցած է՝ Իմփուլսի, Բանանցի (Ուրարտու), Շիրակի, Փիւնիկի, ինչպէս նաեւ ուքրանական Մեթալուրկ Տոնեցքի եւ...

Նարեկ Պետրոսեան Հեռացաւ Ուրարտուէն

Նարեկ Պետրոսեան Հեռացաւ Ուրարտուէն

Ուրարտու ֆութպոլի ակումբը երէկ յայտնեց ըսելով, որ Նարեկ Պետրոսեան հեռացաւ եւ լքեց իր կազմը, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզելով իր աշխատանքային պայմանագրութիւնը: Պետրոսեան, որ Ուրարտուի սան է, 2015-2016 տարեշրջանին, իր կազմին հետ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր: Ան, իր կազմին հետ ընդամէնը կատարեց 93 մրցում, տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին: Ուրատու յաջողութիւն մաղթեց 24 տարեկան ֆութպոլիստին՝ իր արհեստավարժ ասպարէզին շարունակման գծով, միեւնոյն ժամանակ...

«Չեմփիընզ Լիկ». -Փարիզ Սեն Ժերմէն Հասաւ Կիսաւարտականին

«Չեմփիընզ Լիկ». -Փարիզ Սեն Ժերմէն Հասաւ Կիսաւարտականին

-Այսօր՝ Լայփցիկ-Աթլեթիքօ Մատրիտ Երէկ՝ չորեքշաբթի, Փորթուգալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին, իրարու դէմ ճակատեցան իտալական Աթալանթան եւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէնը: Նախքան մանրամասնութիւնները, նշենք, որ մրցումները չեն կատարուիր երթուդարձի դրութեամբ, այլ մէկ մրցումով եւ յաղթականը կ’անցնի յաջորդ հանգրուան: Աթալանթա, թէեւ երէկուան մրցումին մինչեւ 90-րդ վայրկեանը յաղթական էր 1-0 արդիւնքով, սակայն...

Մաթիս Տը Լիկթ Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան

Մաթիս Տը Լիկթ Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Եուվենթուսի մաս կազմող 20 տարեկան յետսապահ՝ Մաթիս Տը Լիկթ, Հռոմի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան, այս գծով յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան ուսի վնասուածք ունէր եւ կը սպասէր տարեշրջանին աւարտին: Հոլանտացի ֆութպոլիստը, նոր տարեշրջանին սկիզբը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, նկատի ունեալով որ անոր վերականգնման համար կը պահանջուի երեք ամիս: Իտալիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, ան իր կազմին...

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.». Այսօր Կրնայ Յստականալ Փլէյ-Օֆ-ին Հասնող Վերջին Խումբին Անունը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.». Այսօր Կրնայ Յստականալ Փլէյ-Օֆ-ին Հասնող Վերջին Խումբին Անունը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան աւարտէն երկու օր առաջ, այսօր կրնայ յստականալ, փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն իր տոմսը ապահովող 16-րդ եւ վերջին խումբին անունը: Եթէ այդ մէկը այսօր ալ չյստականայ, անիկա պիտի յստականայ մրցումներուն վերջին օրը՝ վաղը: Նշենք, որ 16-րդ եւ վերջին տոմսին համար կը պայքարին՝ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, Մեմֆիս Կրիզլիզ, Ֆէոնիքս Սանզ եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ (չորսն ալ արեւմտեան շրջանէն):...

Սպանական Ֆութպոլ.  Ակումբներուն Ֆութպոլիստները Դարձեալ Կը Վարակուին «Քորոնա» Ժահրով

Սպանական Ֆութպոլ. Ակումբներուն Ֆութպոլիստները Դարձեալ Կը Վարակուին «Քորոնա» Ժահրով

Սպանական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ ակումբներուն շարք մը ֆութպոլիստներուն մօտ, դարձեալ կը յայտնուին «Քորոնա» ժահրի նոր պարագաներ: «Sport.es» յայտնեց ըսելով, որ քաթալոնիական Պարսելոնայի երիտասարդներու խումբին մարզիկներէն մէկուն մօտ յայտնուած է այս ժահրը, երբ անոր եւ այլ ֆութպոլիստներու վրայ քննութիւններ կատարուած են: Այս ժահրով վարակուած ֆութպոլիստը, որուն անունը չհրապարակուեցաւ, այժմ ինքնամեկուսացումի մէջ է: Նշուեցաւ նաեւ, որ ան որեւէ շփում չէ...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Ախոյեանութիւնը Անուանափոխուեցաւ

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Ախոյեանութիւնը Անուանափոխուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը նոր անուանում պիտի ունենայ: Ֆետերասիոնը եւ «VBET» ընկերութիւնը, ընդլայնելով համագործակցութեան շրջանակները,նոր՝ բացառիկ պայմանագրութիւն մը ստորագրեցին: Նոր պայմանագրին համաձայն, «VBET» ընկերութիւնը ձեռք ձգեց Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն  դասկարգի ախոյեանութեան եւ հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին անուան իրաւունքը՝ յառաջիկայ երեք տարեշրջաններուն համար: Համագործակցութեան արդիւնքին լոյսին տակ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 2020-2021 տարեշրջանին «VBET» ընկերութենէն...

Միջազգային Ֆութպոլ. Տեմպելէ Շատ Հաւանաբար Փոխ Տրուի Մանչեսթըր Եունայթըտի

Միջազգային Ֆութպոլ. Տեմպելէ Շատ Հաւանաբար Փոխ Տրուի Մանչեսթըր Եունայթըտի

Քաթալոնիական Պարսելոնայի եւ ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յառաջապահ՝ Ուսման Տեմպելէ, շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Ըստ «ESPN»-ի, մանչեսթըրեան ակումբը անգլիացի Ճէյտըն Սանչոյի փոխանցման գծով համաձայնութեան չգալէ ետք Պորուսիա Տորթմունտի հետ, պիտի փորձէ պայմանագրութիւն մը առաջարկել 23 տարեկան Տեմպելէի: Նշուեցաւ, որ ան մէկ տարեշրջան փոխ պիտի տրուի Մանչեսթըրի, որմէ ետք անիկա...

Ըստ «Goal»-ի՝ Քլաուտիօ Պրաւօ Պիտի Վերադառնայ Սպանիա

Ըստ «Goal»-ի՝ Քլաուտիօ Պրաւօ Պիտի Վերադառնայ Սպանիա

Չիլիցի բերդապահ՝ Քլաուտիօ Պրաւօ շատ հաւանական է, որ վերադառնայ Սպանիա, նկատի ունենալով որ անոր պայմանագրութիւնը՝ Մանչեսթըր Սիթիի հետ կը մօտենայ իր աւարտին, այս գծով կը յայտնէ «Goal»-ը։ Պրաւօ հետաքրքրուած է Ռէալ Պեթիսի կողմէ իրեն առաջարկուած պայմանագիրով եւ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին, երկու կողմերուն միջեւ դրական բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան: Նշուեցաւ սակայն, որ բերդապահին աշխատավարձը քիչ մը պիտի կրճատուի: Ռէալ Պեթիսի մարզիչը՝...

«Եւրոպայի Լիկա». Շախտիոր Տոնեցք Եւ Սեւիլլա Հասան Կիսաւարտականին

«Եւրոպայի Լիկա». Շախտիոր Տոնեցք Եւ Սեւիլլա Հասան Կիսաւարտականին

Երէկ գիշեր տեղի ունեցան «Եւրոպայի Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի վերջին երկու ճակատումները եւ այսպիսով յստակացան կիսաւարտականին հասնող վերջին երկու խումբերը: Շախտիոր Տոնեցք եւ Սեւիլլա, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Պալի (4-1) եւ Վուլվզի (1-0) ապահովեցին կիսաւարտականին իրենց տոմսերը: Կիսաւարտականի մրցումներուն, Շախտիոր Տոնեցք կը մրցի Ինթեր Միլանի դէմ, իսկ Սեւիլլա՝ Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ: Կիսաւարտականի մրցումները պիտի կատարուին, 15 եւ 16 օգոստոսին, իսկ...

Իտալական Ֆութպոլ. Նափոլի-Կաթուզօ Պայմանագրի Երկարաձգո՞ւմ

Իտալական Ֆութպոլ. Նափոլի-Կաթուզօ Պայմանագրի Երկարաձգո՞ւմ

Իտալական Նափոլիի ղեկավարութիւնը մօտ է նոր պայմանագրի գծով համաձայնութեան գալ ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ Կենարօ Կաթուզոյի հետ, այս գծով յայտնեց իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթը՝ «La Gazzetta dello Sport»-ը: 42 տարեկան Կաթուզոյի նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2023: Եթէ պատահեցաւ, որ Կաթուզօ կ’ուզէ իր պայմանագրութիւնը աւելի կանուխ խզել, ապա ստիպուած պիտի ըլլայ 7 միլիոն եւրօ տուգանք վճարել: Ան Նափոլիի մարզիչ...

«Չեմփիընզ-Լիկ». Այսօր՝ Աթալանթա-Փարիզ Սեն Ժերմէն

«Չեմփիընզ-Լիկ». Այսօր՝ Աթալանթա-Փարիզ Սեն Ժերմէն

Այսօր՝ չորեքշաբթի, տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին՝ Աթալանթա եւ Փարիզ Սեն Ժերմէն: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ինչ կը վերաբերի մնացեալ երեք մրցումներուն, յաջորդող երեք օրերուն ընթացքին, իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենայ մէկ մրցում, դարձեալ միեւնոյն ժամուն: Մնացեալ մրցումները յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ....

Պէյճինկ Կը Շարունակէ Նախապատրաստուիլ Ձմեռնային Ողիմպիականի Խաղերուն

Պէյճինկ Կը Շարունակէ Նախապատրաստուիլ Ձմեռնային Ողիմպիականի Խաղերուն

Հայաստանի Ազգային Ողիմպիականի Կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Չինաստան կը շարունակէ նախապատրաստուիլ ձմեռնային ողիմպիականի խաղերուն: «Պէյճինկ-2022»-ի 24-րդ ձմեռնային խաղերը տեղի պիտի ունենան 4-20 փետրուարին: Նշուեցաւ, որ Չինաստանի Հեպէյ նահանգի Նինյուան օդակայանին վերակառուցման աշխատանքներուն աւարտէն ետք, շատ հաւանական է, որ օդակայանը տարեկան ընդունի մէկ միլիոն ճամբորդ: Անոր վերակառուցման աշխատանքները սկսան 2018-ին եւ անոր համար յատկացուած է 186 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Միջազգային Ֆութպոլ. Ռէալ Մատրիտ Կ’ուզէ Իր Կազմին Միացնել Տիպալային

Միջազգային Ֆութպոլ. Ռէալ Մատրիտ Կ’ուզէ Իր Կազմին Միացնել Տիպալային

Միջազգային մարզական մամուլը կը յայտնէ ըսելով, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը աշխատանք կը տանի իր կազմին միացեալ Եուվենթուսի արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալային: Ըստ «Sport Mediaset» պարբերաթերթին, արքայական ակումբը Տիպալային ձեռք ձգելու համար, պատրաստ է գործարքին մէջ նկատի ունենալ Թոնի Քրուսի եւ Իսքոյի փոխանցումները: Բայց եւ այնպէս, Եուվենթուն մտադիր չէ ծախել Տիպալային, որովհետեւ խումբը այժմ վերակառուցման հանգրուանին մէջ է եւ յոյսեր կը...

Հայկական Ֆութպոլ. Արմէն Մանուչարեան Միացաւ Ռուսական Ռոթոր Վոլկոկրատի

Հայկական Ֆութպոլ. Արմէն Մանուչարեան Միացաւ Ռուսական Ռոթոր Վոլկոկրատի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Փիւնիկ Երեւանի 25 տարեկան միջնապահ Արմէն Մանուչարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ռոթոր Վոլկոկրատի հետ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռուսիոյ ֆութպոլի Փրեմիեր-Լիկ-ի ախոյեանութեան: Մանուչարեան, որ 2016-էն ի վեր մաս կը կազմէ Փիւնիկի, անոր հետ մասնակցած է 119 մրցումի: Անոր ակումբին ղեկավարութիւնը, բարի ճանապարհ մաղթեց ֆութպոլիստին, յոյս յայտնելով, որ ան յաջողութիւն կը գտնէ իր...

Page 597 of 1279 1 … 596 597 598 … 1,279

Արխիւներ