Պարսելոնա-Թեր Սթիկըն Համաձայնութեան Եկան Իրարու Հետ
Քաթալոնիական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը եւ բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Սթիկըն համաձայնութեան եկան իրարու հետ: Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին բերդապահը, համաձայն գտնուեցաւ իր ակումբին կողմէ իրեն առաջարկուած նոր պայմանագրին: Սպանական մամուլը յայտնեց, որ անոր առաջարկուեցաւ հինգ տարուան նոր պայմանագրութիւն մը՝ աւելի բարձր աշխատավարձքով: Նախքան այս համաձայնութեան կայացումը, 28 տարեկան բերդապահին պայմանագրութիւնը կ’աւարտէր 2022-ին:
