«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ եւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, փլէյ-օֆ-ի իրենց տոմսը ապահոված խումբերուն թիւը բարձրացաւ 15-ի:
Այժմ կը մնայ իմանալ, թէ ո՞ր վերջին խումբը պիտի ըլլայ 16-րդ կազմը, որ պիտի միանայ վերոնշեալ 15-ին:
Արեւելեան շրջանի 8 խումբերուն անունները յստակացած են:
Վերջին տոմսին համար, արեւմտեան շրջանէն պիտի պայքարին՝ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, Ֆէոնիքս Սանզ եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ:
Անոնք երեքն ալ, ցարդ երկուքական մրցում ունին կատարելիք:
Ինչպէս ծանօթ է, որ մրցումները կը կատարուին առանց հանդիսատեսներու: