Երէկ՝ երկուշաբթի, զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ գտնուող «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի «Եւրոպայի Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցաշարքին վիճակահանութիւնը:
Այսպիսով, մրցաշարքին մասնակցող հայկական երեք ակումբներուն զտումի Ա. հանգրուանի մրցակիցները յստակացան:
Հայաստանի փոխախոյեան եւ բաժակակիր Նոայի մրցակիցը պիտի ըլլայ ղազախական Քայրաթը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ մրցակիցին դաշտին վրայ:
Ալաշկերտի մրցակիցն է՝ մակեդոնիական Ռենովան: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Վերջապէս, Շիրակի մրցակիցը պիտի ըլլայ՝ Շթէուա Պուքրէշը (Ռումաիա): Մրցումը, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 27 օգոստոսին, Պուքրէշի մէջ: