Հայկական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ 34 տարեկան մարզիչ՝ Լեւոն Ղասաբօղլեան մահացաւ, սրտի կաթուածի հետեւանքով:
«Մեծապէս ցնցուած ենք անոր այս մահուան լուրին ի տես: Արարատ-Արմենիայի ակումբը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն, ցաւելով անոր վաղաժամ կորուստին համար», նշուեցաւ անոր նախկին ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Ան 2006-ին մաս կազմած է Արարատ-Արմենիայի: Ապա, ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէ ետք, նշանակուած է ղազախական Օնթուսթիք ակադեմիայի գլխաւոր մարզիչ:
Ան մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին՝ Արարատ-Երեւանի, Կիլիկիայի, Ուլիսի, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին: