Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, յառաջիկայ 15-17 օգոստոսին, մարզական հաւաք պիտի կատարէ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ՝ Քնարիկ Գրիգորեան, այդ հաւաքին մասնակցող մարզիկներուն անունները հրապարակելով, յոյս յայտնեց, որ կը յաջողի անոնց հետ արդիւնաւէտ փորձեր կատարել եւ պատրաստուիլ յառաջիկային տեղի ունենալիք պաշտօնական մրցումներուն համար: