Երէկ՝ կիրակի, տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 70-ամեակի՝ Սիլվըրսթոնի կրան-փրի-ն, Անգլիոյ մէջ:
Անիկա աւարտեցաւ Ռետ-Պուլի հոլանտացի վարորդ՝ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ արձանագրեց՝ 1 ժամ 19 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան արդիւնք մը, ապահովելով՝ 25 կէտ:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց գործող ախոյեան, Մերսետեսի անգլիացի վարորդ՝ Լուիս Հեմիլթըն, մինչ փոտիում բարձրացած երրորդ վարորդը հանդիսացաւ, Հեմիլթընի խմբակից, ֆինլանտացի Վալթերի Պոթթաս:
Երէկուան այս կրան-փրի-էն ետք, այժմ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Հեմիլթըն, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 107 կէտ:
Վերսթափեն 77 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:
Յաջորդ կրան-փրի-ն տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 16 օգոստոսին, Պարսելոնայի մէջ (Սպանիա):