Ամիսներ տեւած ընդմիջումէ ետք, այսօր ուրբաթ, 7 օգոստոսին կը վերսկսին «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին մրցումները, երբ կը կատարուին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի երկու մրցումներ: Վաղը եւս կը կատարուին երկու մրցումներ:
Այսօրուան մրցումներուն, առաջինին, Եուվենթուս կը հիւրընկալէ Լիոնին, մինչ երկրորդին Ռէալ Մատրիտ հիւրը կ’ըլլայ Մանչեսթըր Սիթիին: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ երթի մրցումներուն, Լիոն իր դաշտին վրայ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդին, Սիթի 2-1արդիւնքով յաղթանակ մը՝ իր դաշտէն դուրս:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն յայտնեց ըսելով, որ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, քառորդ աւարտականի ճակատումները պիտի կատարուին Փորթուգալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ: