Հայկական Ֆութպոլ. Արմէն Մելիքբեկեան Այցելեց Տաւուշի Մարզ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ՝ Արմէն Մելիքբեկեան, երէկ այցելեց Տաւուշի մարզ, այս գծով յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախագահը, փոխնախագահ՝ Արմէն Նիկողոսեան, գործադիր կոմիտէի անդամ՝ Աննա Թադեւոսեան եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Վահէ Ղալումեան, այցելեցին Բերդ համայնքի Պառաւաքար, Ներքին Կարմիր Աղբիւր եւ Այգեձոր գիւղերը, ծանօթանալու համար համայնքին խաղադաշտերուն ներկայ վիճակին մասին:
«Մեր մեծ փափաքն է եւ բոլորին ալ ցանկութիւնն է, որ Բերդի տարածաշրջանի բոլոր համայնքները ունենան ֆութպոլ խաղալու տեղ: Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որ երեխաները այդ հնարաւորութիւնը ունենան», ըսաւ Մելիքբեկեան:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական