Ուեսթ-Արմենիա ֆութպոլի ակումբը, երկկողմանի համաձայնութեամբ խզեց իր կնքած պայմանագրութիւնը ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ Արմէն Շահգելդեանի հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ակումբէն հեռացան նաեւ գլխաւոր մարզիչին օգնականները՝ Յակոբ Մկրեան եւ Գոռ Աթաբեկեան:
Շահգելդեան ընդունուած էր Ռուսիոյ մէջ գործող մարզիչներու բարձրագոյն դպրոցին մէջ (ВШТ), ուրտեղ կը մասնակցէր մարզիչներու «ՓՐՕ» արտօնագրի դասընթացքներուն:
Նշենք, որ Ուեսթ-Արմենիա իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին: