Երէկ՝ կիրակի, տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին, Արարատ Արմենիա- Նոա մրցումը:
Հայաստանի բաժակակիր եւ փոխախոյեան՝ Նոա, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին, երբ 2-1արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց երկրին գործող ախոյեանին դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ երկարձգումէն ետք, նկատի ունենալով որ անոր հիմնական ժամանակը վերջ գտաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան խումբերուն մաս կազմող օտարականներուն կողմէ:
Մրցումին աւարտին, տիտղոսը յանձնուեցաւ Նոայի խմբապետ՝ Վլատիսլաւ Քրիուչքովի: