«Չեմփիընզ Լիկ». Մրցաշարքը Պիտի Շարունակուի Առանց Եուվենթուսի Եւ Ռէալ Մատրիտի
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները եւ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող խումբերը:
Եուվենթուս թէեւ իր դաշտին վրայ 2-1արդիւնքով յաղթեց Լիոնին, շնորհիւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի տուպլէին, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն, նկատի ունենալով որ երթին 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Ֆրանսայի մէջ:
Երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման, դարձեալ 2-1արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, Մանչեսթըր Սիթի մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ռէալ մատրիտին:
Պարսելոնա եւ Պայէրն Միւնիխ, հանգիստ յաղթանակներ արձանագրեցին, յաջորդաբար՝ Նափոլիի (3-1) եւ Չելսիի (4-1) դէմ:
Քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Աթալանթա-Փարիզ Սեն Ժերմէն, Լայփցիկ-Աթլեթիքօ Մատրիտ, Մանչեսթըր Սիթի-Լիոն եւ Պարսելոնա-Պայէրն Միւնիխ: