Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան՝ Փարիզ Սեն Ժերմէնի ղեկավարութիւնը մտադիր է նոր պայմանագրութիւններ առաջարկել իր երկու յառաջապահներուն՝ պրազիլցի Նէյմարին եւ ֆրանսացի Քիլիան Մպափէին, այս գծով յայտնեց ֆրանսական հանրածանօթ մարզական օրաթերթը՝ «L’Equipe»-ը:
Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականի մրցումէն անմիջապէս ետք, մայրաքաղաքի կազմը պիտի սկսի իր բանակցութիւններուն՝ երկու ֆութպոլիստներուն հետ:
Նշուեցաւ, որ անոնց երկուքին պիտի առաջարկուի աւելի բարձր աշխատավարձ: