Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Եւրոպայի 2020-ի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, կրնայ դարձեա’լ յետաձգուիլ:
Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը, իր կատարելիք նիստին ընթացքին, պէտք է որոշէ, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք այս ախոյեանութիւնը յետաձգե՞լ, կամ փորձել անոր կայացումը չյետաձգել:
Սկզբունքով, անիկա պէտք էր որ տեղի ունենար 2-12 ապրիլին: Բայց անիկա յետաձգուեցաւ, մինչեւ յունիսի կէսը, որմէ ետք՝ մինչեւ աշուն (31հոկտեմբերէն՝ 8 նոյեմբեր):
Ըստ ոչպաշտօնական տեղեկութիւններու եւ շրջան ընող լուրերուն, անոր կայացումը՝ այս տարի, գրեթէ անկարելի կը թուի ըլլալ: