Ուրբաթ, 21 օգոստոսին, ազդանշանը տրուեցաւ ֆրանասայի ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լիկ-1»-ի 2020-2021 տարեշրջանին, երբ տեղի ունեցաւ Ա. հանգրուանի Պորտօ-Նանթ բացման մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Պորտոյէն՝ ֆրանսացի Մըհտի Զարքանէ, ստացաւ տարեշրջանի առաջին կարմիր քարտը, երբ մրցումին 20-րդ վայրկեանին դաշտէն վտարուեցաւ:
Տարեշրջանի առաջին յաղթանակը արձանագրողը հանդիսացաւ Անժէ, որ 1-0 յաղթական վերադարձաւ Տիժոնի դաշտէն: Իսմայէլ Թրաորէ (Փղոսկրեայ Ափունք) նշանակեց տարեշրջանի առաջին կոլը՝ 22-րդ վայրկեանին:
Իսկ անոր յաջորդած երրորդ՝ Լիլ-Ռենն մրցումին (1-1), իւրաքանչիւր կազմէն մարզիկ մը կարմիր քարտ ստացաւ:
Իսկ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Մոնաքօ-Ռեմ՝ 2-2, Լորիան- Սթրազպուրկ՝ 3-1, Նիմ-Պրեսթ՝ 4-0 եւ Նիս-Լանս՝ 2-1:



