Անգլիական Ֆուլհեմ ֆութպոլի ակումբը կը փորձէ իր կազմին միացնել Պարսելոնայի սպանացի յետսապահ՝ Ժերար Փիքէին, այս գծով յայտնեց Sport.es-ը։
Նշուեցաւ, որ անգլիական ակումբը բաւական լաւ առաջարկ մը ներկայացուցած է 33 տարեկան ֆութպոլիստին, որ ըստ երեւոյթին մտադիր է հեռանալ Սպանիայէն:
Այնպէս կը թուի, որ քաթալոնիական ակումբին ղեկավարութիւնը մարզիկներու փոխանցման ընթացքին, որոշած է ծախել իր կարգ մը մարզիկները, որոնց կարգին՝ Փիքէին:
Պայէրն Միւնիխէն իր կազմին կրած քիչ մը ծանր պարտութենէն ետք (8-2, «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի քառորդ աւարտական), Փիքէ յայտարարած էր ըսելով, որ պատրաստ է հեռանալու խումբէն, որպէսզի աւելի երիտասարդ մարզիկներուն առիթ տրուի դաշտ ներկայանալու համար: