Քաթալոնիական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը, երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ ակումբին նախկին յետսապահ՝ նիտըրլենտցի Ռոնալտ Քէօման նշանակուեցաւ մարզիչ, փոխարինելով Քիքէ Սեթիէնին, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ, կազմին հետ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Նշուեցաւ, որ ան երկու տարուն պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեանին հետ:
57 տարեկան Քէօման, փետրուար 2018-էն ի վեր կը գլխաւորէ նիտըրլենտներու ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը: 1989-էն 1995 ան իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Պարսելոնայի, իսկ 1998-էն 2000 ան մաս կազմած է Պարսելոնայի մարզիչներու խմբակին: