Նիւ Եորքի մէջ (Մ. Նահանգներ) տեղի ունեցող արհեստավարժ թենիս խաղացողներու միութեան (ATP) Մասթըրզի միջազգային բաց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ռուսահայ՝ Կարէն Խաչանով, երէկ ապահովեց Գ. հանգրուանին իր տոմսը, երբ 7-6 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց սպանացի իր մրցակիցին՝ Փապլօ Քարենօ Պուսթայի:
Նշենք, որ 24 տարեկան հայ մարզիկը, ATP-ի վարկանիշային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 15-րդ դիրքը:
Հոս պէտք է նշել այն կէտը, որ այս մրցաշարքը ընդհանրապէս տեղի կ’ունենար Սինսինաթի նահանգին մէջ: Սակայն «Քորոնա» ժահրին պատճառով, անիկա տեղափոխուեցաւ Նիւ Եորք:
Անոր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ՝ 4,2 միլիոն ամերիկեան տոլար: