Նախորդ շաբաթավերջին, ազդանշանը տրուեցաւ համաշխարհային ճատրակի 44-րդ Օլիմփիատին, որ այս տարի տեղի կ’ունենայ առցանց՝ «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Մրցումներուն առաջին օրը Հայաստանի հաւաքականը արձանագրեց երկու յաղթանակ եւ կրեց պարտութիւն մը:
Առաջին մրցումին, Հայաստան 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ռումանիոյ, մինչ երկրորդին պարտուեցաւ պուլկարացիներէն, 3,5-2,5 արդիւնքով: Ինչ կը վերաբերի երրորդին, Թուրքիա դարձաւ Հայաստանի զոհը, երբ կրեց 4,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այս վերջին մրցումին, Լեւոն Արոնեան, Էլինա Դանիէլեան, Աննա Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան յաղթանակներ արձանագրեցին. Լիլիթ Մկրտչեան՝ հաւասարութիւն մը, իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան պարտուեցաւ:
Նշենք, որ այս տարի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ, մասնակցող հաւաքականներուն քանակին գծով ալ: Խումբերը բաղկացած են՝ 6 հիմնական եւ 6 պահեստի խաղացողներով: Հիմնական կազմին մէջ պէտք է ըլլան 2 տղաք, 2 աղջիկներ, 20 տարեկանէն վար տղայ մը աղջիկ մը: Իսկ տիտղոսին համար կը պայքարին՝ 40 հաւաքականներ:
Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Գ. Խմբակին, իրեն մրցակից ունի՝ Ռուսիան, Պուլկարիան, Ալճերիան, Եգիպտոսը, Մարոքը, Խրուաթիան, Անգլիան, Թուրքիան եւ Ռումանիան:
Մրցաշարքին երկրորդ օրը՝ շաբաթ, Հայաստան դարձեա’լ կատարեց երեք մրցում եւ արձանագրեց երեք յաղթանակ, յաջորդաբար՝ Խրուաթիոյ (4,5-1,5), Ալճերիոյ (6-0) եւ Մարոքի (6-0) դէմ:
Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հայաստան 3,5-2,5 արդիւնքով պարտուեցաւ Անգլիայէն, ապա նոյն արդիւնքով տեղի տուաւ Ռուսիոյ դիմաց, իսկ իր կատարած երրորդ մրցումին, 5-1 արդիւնքով յաղթեց Եգիպտոսի:
Այժմ Հայաստանի հաւաքականը պիտի պայքարի փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն համար, իրեն մրցակից ունենալով Յունաստանը, որ Դ. Խմբակին մէջ գրաւեց երկրորդ դիրքը: