Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան՝ Արարատ-Արմենիա, երէկ երեկոյեան կատարեց «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանի իր առաջին մրցումը, երբ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հիւրընկալեց Կիպրոսը ներկայացնող՝ Օմոնիա Նիկոսիային:
Նկատի ունենալով որ մրցումին 90 վայրկեանները յաղթողին չպարզեցին, դիմուեցաւ երկարաձգման: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-0 արդիւնքով, ի նպաստ՝ կիպրական կազմին, պատճառ դառնալով, որ Արարատ-Արմենիա դուրս մնայ մրցաշարքէն:
94-րդ վայրկեանին, հիւր կազմը նշանակեց, իր եւ մրցումին միակ կոլը, շնորհիւ՝ Թիակօ Սանթոսի: Անոր նշանակած կոլէն չորս վայրկեան ետք, հայրենի կազմին մաս կազմող Տաւիտ Մունոզ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Ապահովելով՝ զտումի Բ. հանգրուանին իր տոմսը, Օմոնիա Նիկոսիա իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Լեհաստանի ախոյեան՝ Լեկիա Վարշաւայի դէմ, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց, Հիւսիսային Իրլանտան ներկայացնող Լինֆիլտին:
Արարատ-Արմենիայի կատարած այս մրցումէն կարճ ատեն մը ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Արազ Օզպիլիս, իր դժգոհութիւնը յայտնեց հայկական կազմին սպանացի մարզիչ՝ Տաւիտ Քամփանայի նկատմամբ, ըսելով, որ ան իր հիմնական կազմը ներկայացուցած էր…առանց հայ ֆութպոլիստներու:
«Ապրի’ս Արարատ-Արմենիա, ոչ մէկ հայ կը խաղայ հիմնական կազմին հետ», ըսաւ Օզպիլիս: