Վանաձորի Լոռի ֆութպոլի ակումբը, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով տեղեկացուց, որ պիտի շարունակէ իր ելոյթները՝ Հայաստանի ֆութպոլի «Փրեմիեր-Լիկ»-ի ախոյեանութեան:
Լոռիի հիմնադիր եւ նախագահ՝ Թովմաս Գրիգորեան, յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեց այս յայտարարութիւնը, Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած ժողովէն ետք, ուր քննարկուեցաւ այս հարցը:
«Ժողովին ընթացքին որոշեցինք, որ պէտք է մասնակցինք ախոյեանութեան, նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լոռին մարզի միակ խումբն է եւ ֆութպոլի խորհրդանիշը: Միաձայնութեամբ որոշեցինք այս մէկը, հակառակ անոր որ կան խնդիրներ եւ խոչընդոտներ», յայտնեց Գրիգորեան:
Նշենք,որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Լոռի դաշտ չներկայացաւ Ուրարտու Երեւանի դէմ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումին:
Վանի դէմ Բ. հանգրուանի մրցումին թուականը փոփոխութեան ենթարկուած է եւ այժմ անիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 24 օգոստոսին՝ ժամը 17։00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):