Երէկ՝գիշեր տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան՝ Պայէրն Միւնիխ եւ Լիոն:
Բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը ունենալով, Գերմանիոյ ախոյեանը հասաւ աւարտականին, 3 անպատասխան կոլ նշանակելով մրցակիցին բերդէն ներս:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Սերժ Կնապրի ( երկու կոլ) եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի:
Կիսաւարտականի երկու մրցումներուն նման, աւարտականի մրցումը եւս պիտի ըլլայ գերմանական-ֆրանսական պայքար մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին՝ Պայէրն Միւնիխ եւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աւարտականին հասած Փարիզ Սեն Ժերմէն:
Աւարտականի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 23 օգոստոսին, Լիզպոնի մէջ (Փորթուգալ), ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):