Երէկ՝ կիրակի, Փորթուգալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ իր աւարտին հասաւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2019-2020 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի մրցումը, գերմանական Պայէրն Միւնիխի եւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աւարտականին հասած ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէնի միջեւ:
Երկու կազմերն ալ փորձեցին իրենց կողմէ կազմակերպուած յարձակումներուն շնորհիւ կոլ նշանակել, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ գերմանական կազմին կատարած յարձակումները եղան աւելի վտանգաւոր, մանաւանդ Ա. կիսախաղին:
Բ. կիսախաղին սկիզբը, թէեւ Փարիզ Սեն Ժերմէն աւելի վտանգաւոր էր, բայց 59-րդ վայրկեանին, ֆրանսացի Քինկզլի Քոման, նշանակեց գլխու հարուածով կոլ մը, որ եղաւ այս հանդիպումին միակը:
Այսպիսով, Պայէրն Միւնիխ արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, 6-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Անիկա նախապէս այս տիտղոսին տիրացած էր՝ 1973-1974, 1974-1975, 1975-1976, 2000-2001 եւ 2012-2013 տարեշրջաններուն:
Նշենք, որ Պայէրն Միւնիխ, որ այսպիսով 11-րդ անգամ ըլլալով կը հասնէր աւարտականին, նախքան երէկուան իր այս տիտղոսին տիրանալը, այս տարեշրջանին հանդիսացած էր Գերմանիոյ ախոյեան եւ բաժակակիր:



