Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող 37 տարեկան իտալացի բերդապահ՝ Անթոնիօ Միրանթէ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս գծով յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան յայտնեց ըսելով, որ թէեւ քննութեան արդիւնքը եղած է դրական եւ այժմ ինք մեկուսացումի մէջ է, բայց ինքզինք բաւական լաւ կը զգայ եւ շուտով ապաքինելով, պիտի միանայ իր ակումբին խմբակիցներուն, պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին:
Միրանթէ, որ Եուվենթուսի սան է, Ա. Էս. Ռոմա տեղափոխուեցաւ 2018-ի ամրան, իտալական Պոլոնիայէն, փոխան՝ 4 միլիոն եւրոյի:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը՝ Ա. Էս. Ռոմայի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2021: