Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ «Պունտըսլիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն հիւրընկալեց Վերտըր Պրեմընը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Քինկզլի Քոման նշանակեց Պայէրնի հաւասարութեան կոլը (62-րդ):
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ, որ 5-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հերթա Պերլինի դաշտէն, մեծապէս օգտուեցաւ այս հաւասարութենէն: Անիկա այժմ միայն կէտով մը ետ կը մնայ Պայէրնէն, որ ունի 19 կէտ:
Տորթմունտի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ նորվեկիացի Էրլինկ Պրաութ Հաալանտ, որ նշանակեց… չորս կոլ (47-րդ, 49-րդ, 62-րդ եւ 79-րդ): Փորթուգալցի Ռաֆայէլ Կէօրէյրօ նշանակեց Տորթմունտի 5-րդ կոլը (70-րդ):