Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Շարունակէ Միջոցառումներու Շարքը` Արցախցի Երեխաներուն Համար
Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը շարունակէ իր միջոցառումներու շարքը` արցախցի երեխաներուն համար:
Ֆետերասիոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ.
«Այս դժուարին փուլին, կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը` Հայաստան ապաստանած արցախցի երեխաներուն համար:
«Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին անդամները եւ ֆետերասիոնին ներկայացուցիչները այցելեցին հաւաքականի խումբերուն մարզական կեդրոնը, ուր ժամանակաւորապէս կը գտնուին 160 արցախցի ընտանիքներու երեխաները:
«Անոնց հետ մեր մարզիկները կատարեցին տարբեր տեսակի խաղեր, իսկ աւարտին երեխաները ստացան նուէրներ` ֆետերասիոնին եւ Թալինի Արարատ ակումբին կողմէ»:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական