Մարզական

Լիվըրփուլ Տեղափոխուեցաւ Մարզումի Նոր Մարզադաշտ

Լիվըրփուլ Տեղափոխուեցաւ Մարզումի Նոր Մարզադաշտ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Լիվըրփուլ այսուհետեւ իր փորձերը պիտի կատարէ նոր մարզադաշտի մը մէջ, այս մասին հաղորդեց անգլիական հանրածանօթ օրաթերթերէն «Տէյլի Մէյլ»-ը: Ակումբին մարզումի նախկին վայրը տրամադրուեցաւ անոր երիտասարդական խումբերուն: Նշուեցաւ, որ փորձերու համար տրամադրուած այս նոր մարզադաշտին շինութեան համար Լիվըրփուլ ծախսեց 50 միլիոն եւրօ:  

Կուարտիոլա Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Սիթիի Հետ

Կուարտիոլա Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Սիթիի Հետ

Սպանացի ֆութպոլի մասնագէտ Եոսիփ Կուարտիոլա երէկ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Մանչեսթըր Սիթիի հետ, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 49 տարեկան Կուարտիոլայի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է երկու տարիով, մինչեւ 2022: Ան Սիթիի մարզիչ նշանակուեցաւ 2016-ին: Անոր հետ ան ցարդ կատարած է 245 մրցում եւ արձանագրած 181 յաղթանակ:

Քազեմիրօ Ապաքինած` «Քորոնա» Ժահրէն

Քազեմիրօ Ապաքինած` «Քորոնա» Ժահրէն

Ռէալ Մատրիտի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Քազեմիրօ ապաքինած է «Քորոնա» ժահրէն, այս մասին տեղեկացուց սպանական «Սփորթ» մարզաթերթը: Նախանցեալ օր 28 տարեկան ֆութպոլիստի «Քորոնա» ժահրի քննութեան արդիւնքը եղած է ժխտական: Նշենք, որ Քազեմիրոյի եւ Ռէալ Մատրիտի անոր պելճիքացի խմբակիցին` Էտեն Հազարի մօտ «Քորոնա» ժահրը յայտնաբերուած էր նախորդ 7 նոյեմբերին: Պրազիլցի ֆութպոլիստը մայրաքաղաքի ակումբին մաս կը կազմէ 2013-էն ի վեր:...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Հայաստան Յաղթեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ  Եւ Գրաւեց Խմբակին Առաջին Դիրքը

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան Յաղթեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Եւ Գրաւեց Խմբակին Առաջին Դիրքը

Երէկ` չորեքշաբթի, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան զտումի բազմաթիւ մրցումներ: 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքին լոյսին տակ, յստակացաւ բոլոր դասակարգերու բոլոր խմբակներուն վերջնական պատկերը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէր Գ. դասակարգի Բ. խմբակին, իր վերջին մրցումը կատարեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ: Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին յաղթականը եղաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ...

«Լռելեայն» Կէս-Մարաթոնի Մրցում

«Լռելեայն» Կէս-Մարաթոնի Մրցում

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «լռելեայն» կէս-մարաթոն մը, որուն երկարութիւնն էր 1,21 քմ: Անիկա տեղի ունեցաւ «Խաղաղութիւն-սէր-վազք» կարգախօսին ներքեւ: Անոր մասնակցութիւնը եղաւ անվճար, իսկ անոր բոլոր մասնակցողները աւարտին ստացան յատուկ մետալներ: Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանին մէջ տեղի ունեցած այս մարաթոնը նուիրուած էր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհ գացած անձերուն: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն,...

Մեկնարկը Տրուեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.» – Հայաստանի Ֆութպոլի  Ֆետերասիոն Ա. Կարգի Արտօնագիրի Դասընթացքին

Մեկնարկը Տրուեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.» – Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոն Ա. Կարգի Արտօնագիրի Դասընթացքին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկիզբ առաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոն մարզիչներու Ա. կարգի արտօնագիրի հերթական դասընթացքը: Անիկա բաղկացած է քանի մը հանգրուաններէ, որոնք պէտք է իրականացուին վեց ամսուան ժամանակամիջոցին: Դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 13 ուսանողներ: Այս Ա. կարգի արտօնագիրի դասընթացքը անոնց կու տայ համապարփակ գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն կու...

«Ի. Էս. Փի. Էն».  Էտմեն Շահբազեան Եւ Արման Ծառուկեան`  Լաւագոյն Երիտասարդ Մարտիկներու Կարգին

«Ի. Էս. Փի. Էն». Էտմեն Շահբազեան Եւ Արման Ծառուկեան` Լաւագոյն Երիտասարդ Մարտիկներու Կարգին

«Եու. Էֆ. Սի.»-ի մէջ հանդէս եկող Էտմեն Շահբազեան, «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի կողմէ ընդգրկուեցաւ 25 տարեկանէն վար 25 լաւագոյն մարտիկներու ցանկին մէջ: 22 տարեկան ամերիկահայ մարտիկը յայտնուեցաւ երկրորդ դիրքին վրայ` ետ մնալով միայն 24 տարեկան աւստրալիացի Ճիմի Քրութէն: Իսկ 8-րդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ ռուսահայ Արման Ծառուկեան: Նշենք, որ խառն մենամարտերուն, Էտմեն Շահբազեան ցարդ կատարած է 11 ճակատում, արձանագրած 10 յաղթանակ...

Մխիթարեանի Մարզաշապիկը` Անոր Ստորագրութեամբ.  Ա. Էս. Ռոմա Յատուկ Մրցում Մը Յայտարարեց

Մխիթարեանի Մարզաշապիկը` Անոր Ստորագրութեամբ. Ա. Էս. Ռոմա Յատուկ Մրցում Մը Յայտարարեց

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը յայտարարեց մրցումի մը մասին: Անոր յաղթականը պիտի ստանայ յատուկ մարզաշապիկ մը, որուն վրայ պիտի ըլլայ ակումբին մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ստորագրութիւնը: Իտալական ակումբին օտար դաշտերու վրայ նախատեսուած մրցումներուն մարզաշապիկը շահելու համար պէտք է այցելել ակումբին պաշտօնական կայքը եւ հոնկէ հետեւիլ պէտք եղած ցուցմունքներուն: Ամբողջացնելէ ետք յատուկ հարցարանը եւ պատասխանելէ ետք որոշ...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Չորս Ներկայացուցիչներ Ապահովեցին  Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

Կռփամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Չորս Ներկայացուցիչներ Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամները կը շարունակեն արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Երէկուան մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներ ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը` ապահովելով նուազագոյնը պրոնզ մետալներ: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին Ռուսլան Ասլիկեան (56 քկ), Յովհաննէս Փափազեան (գերծանր կշիռ), Գայեանէ Տէր Բարսեղեան (48 քկ) եւ Էլիդա Քոչարեան...

Նշան Մունչեանի Եղբայրը  Նահատակուեցաւ Շուշիի Մէջ

Նշան Մունչեանի Եղբայրը Նահատակուեցաւ Շուշիի Մէջ

Անկախ Հայաստանի կռփամարտի աշխարհի առաջին ախոյեան Նշան Մունչեանի մեծ եղբայրը` Աշոտ Մունչեան, նահատակուեցաւ Շուշիի մէջ, այս մասին յայտնեց նոյնինքն Մունչեան: «Քանի մը օր առաջ, Շուշիի մէջ, ազերիներուն կողմէ, իր իսկ տան մէջ սպաննուեցաւ մեծ եղբայրս` Աշոտ Առաքել Մունչեան, ծնած` 1951-ին: Նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ անոր յուղարկաւորութիւնը` Եռաբլուրի մէջ: «Ես ու ընտանիքս կը սգանք իմ եղբօրս եւ Արցախի մէջ զոհուած բոլոր...

«Մէյճըր Լիկ».  Տիեկօ Ռոսսի Մարաշլեան` Տարուան  Լաւագոյն Երիտասարդ Խաղացողը

«Մէյճըր Լիկ». Տիեկօ Ռոսսի Մարաշլեան` Տարուան Լաւագոյն Երիտասարդ Խաղացողը

Լոս Անճելըսի մաս կազմող ուրուկուէյահայ յառաջապահ Տիեկօ Ռոսսի Մարաշլեան ճանչցուեցաւ «Մէյճըր Լիկ»-ի (Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւն) 2020-ի լաւագոյն երիտասարդ խաղացողը, հաղորդեց «Մէյճըր Լիկ»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ նախապէս, 22 տարեկան ֆութպոլիստը արժանացած էր նաեւ «Մէյճըր Լիկ»-ի «ոսկիէ խաղակօշիկ» («Կոլտըն Պութ») մրցանակին, որ կը շնորհուի տարուան լաւագոյն ռմբաձիգին: Ան այս տարի 19 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ: Ան «Մէյճըր Լիկ»-ի պատմութեան...

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք.  Պրազիլ Եւ Արժանթին` Յաղթական

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Պրազիլ Եւ Արժանթին` Յաղթական

Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պրազիլ արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուրուկուէյը: Պրազիլի կոլերը նշանակեցին Արթուր (34-րդ) եւ Ռիչարլիսոն (45-րդ): Ուրուկուէյէն Էտինսոն Քաւանի 71-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Իր կարգին, իր դաշտէն դուրս յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Արժանթին, Փերուի դաշտին վրայ, նոյն արդիւնքով: Նիքոլաս Կոնզալես...

Սերճիօ Ռամոսի Նուաճումը

Սերճիօ Ռամոսի Նուաճումը

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նախանցեալ օր կարեւոր նուաճում մը արձանագրեց «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին մէջ, երբ անոր կազմը բաւական շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց` 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գերմանիան: Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը, անդրադառնալով այս մրցումին, հաղորդեց, որ 34 տարեկան Ռամոս, որ կատարեց իր 178-րդ միջազգային մրցումը, գերազանցեց Քլաուտիօ Սուարեսի մրցանիշը եւ այժմ միայն...

Ռոնալտօ Գերազանցեց Չաւիի Ցուցանիշը

Ռոնալտօ Գերազանցեց Չաւիի Ցուցանիշը

«Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի 6-րդ եւ վերջին հանգրուանին Խրուաթիոյ դէմ արձանագրուած յաղթանակը (3-2) Եուվենթուսի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին համար 101-րդն էր Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: 35 տարեկան ֆութպոլիստը այս ցուցանիշով գերազանցեց քաթալոնական Պարսելոնայի միջնապահ Չաւի Հերնանտեսին, որ 100 յաղթանակ արձանագրած է Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, այս գծով յայտնեց «Օփթա»-ն: Ազգային խումբերուն հետ յաղթանակներու ցուցանիշով Ռոնալտոյին կը գերազանցեն միայն...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Ակումբներուն  Արտօնեց Հինգ Փոփոխութիւն Կատարել

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Ակումբներուն Արտօնեց Հինգ Փոփոխութիւն Կատարել

Անգլիական «Տը Թելեկրաֆ» թերթը յայտնեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը ակումբներուն արտօնեց իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին հինգ փոփոխութիւն կատարել: Անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ը Եւրոպայի հինգ յառաջատար ախոյեանութիւններէն միակն էր, որ չէր արտօնած երեք փոփոխութենէն աւելի կատարել: Նշենք, որ հինգ փոփոխութեան գաղափարին թեր արտայայտուած էին Լիվըրփուլի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփն ու Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչը` Եոսիփ Կուարտիոլան: Նախքան այս որոշումին պաշտօնականացումը, «Փրեմիեր Լիկ»-ի տնօրէն` Ռիչըրտ Մասթերս...

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ.  Օլիվըր Ֆայսալ Վերընտրուեցաւ Նախագահ

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Օլիվըր Ֆայսալ Վերընտրուեցաւ Նախագահ

Շարք մը այլ ֆետերասիոններու նման, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան նաեւ Լիբանանի թենիսի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Անոնք կատարուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ներկայացուցիչին ներկայութեան: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քուէարկելու իրաւունք ունեցող 27 ակումբներ: Ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, ապահովելով այդ 27 ակումբներուն ձայները, վերընտրուեցաւ նախագահ: Ան եւ անոր ցանկին մաս կազմող ութ անձերն ալ...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Այսօր` Հայաստան – Մակեդոնիա

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր` Հայաստան – Մակեդոնիա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ հասաւ Կիպրոս, այսօր կը կատարէ զտումի իր վերջին մրցումը, երբ կը ճակատի Մակեդոնիոյ դէմ: Նշենք, որ այս մրցումը կ’իյնայ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. դասակարգի Բ. խմբակի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Սկզբունքով, այս մրցումը տեղի պիտի ունենար Երեւանի մէջ, սակայն նկատի ունենալով, որ Արցախի մէջ պատերազմական վիճակ կը տիրէր վերջին շրջանին եւ Հայաստանի մէջ...

Տիգրան Բարսեղեան` Ամէնէն Շատ  Էսիսթ Կատարած Ֆութպոլիստը

Տիգրան Բարսեղեան` Ամէնէն Շատ Էսիսթ Կատարած Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին գծով ցարդ տեղի ունեցած բոլոր մրցումներէն ետք, ամէնէն շատ էսիսթ կատարած ֆութպոլիստն է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան: Վրաստանի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2-1), ան նշանակուած երկու կոլերուն էսիսթը կատարելով, իր կոլերու փոխանցման ընդհանուր հաշիւը հասցուց չորսի, ինչ որ ցարդ կը նկատուի լաւագոյն ցուցանիշը` մրցաշարքին մասնակցող...

Ստեփանակերտի Մարզադաշտը Եւս Անմասն  Չմնաց Ազրպէյճանական Ռմբակոծումներէն

Ստեփանակերտի Մարզադաշտը Եւս Անմասն Չմնաց Ազրպէյճանական Ռմբակոծումներէն

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտը եւս անմասն չմնաց ազրպէյճանական վայրագութիւններէն եւ ռմբակոծումներէն: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի համակիրներու «ՖԱՖ» շարժումին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց լուսանկարներ, որոնց մէջ բաւական ծանր վնասներ կրած են մարզադաշտին թրիպիւնները: Նշենք, որ նախորդ տարի այս նոյն մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ չճանչցուած երկիրներու Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները, ինչպէս նաեւ մրցաշարքին բացման եւ փակման հանդիսութիւնները:  

2020-2021 Տարեշրջանին Աւարտէն Ետք.  Մխիթարեան Կրնայ Ազատ  Մարզիկի Կարգավիճակ Ստանալ

2020-2021 Տարեշրջանին Աւարտէն Ետք. Մխիթարեան Կրնայ Ազատ Մարզիկի Կարգավիճակ Ստանալ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան 2020-2021 տարեշրջանին աւարտէն ետք կրնայ յայտնուիլ ազատ մարզիկի կարգավիճակին մէջ, այս մասին յայտնեց իտալական «Քուրիերէ Տելլօ Սփորթ» մարզական օրաթերթը: Ինչպէս ծանօթ է, իտալական ակումբը 31 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման իրաւունքը լոնտոնեան Արսենալէն ձեռք ձգեց 2020-ի ամրան: Անոր պայմանագիրը կ’աւարտի յունիս 2021-ին: Ա. Էս. Ռոմա այդ պայմանագիրը մէկ տարիով...

Page 572 of 1279 1 … 571 572 573 … 1,279

Արխիւներ