Անգլիացի յառաջապահ Ուէյն Ռունի կ՛ուզէ գլխաւորել Անգլիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Տերպի Քաունթին, այս մասին հաղորդեց «Ի. Էս. Փի. Էն.» մարզական պատկերասփիւռի կայանը:
35 տարեկան Ռունի իբրեւ մարզիկ-մարզիչ անգլիական ակումբ տեղափոխուեցաւ 2020-ի ձմեռնային փոխանցման ընթացքին:
Ան վերջին անգամ Անգլիոյ մէջ ելոյթ ունեցած էր 2018-ին` Էվըրթընի հետ, ապա տեղափոխուած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր մաս կազմած էր «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Տի. Սի. Եունայթըտին:
Նշենք, որ նախքան այս լուրին հրապարակումը, շշուկներ շրջան կ՛ընէին, թէ Տերպի Քաունթին գլխաւորելու ցանկութիւն ունի նաեւ Չելսիի նախկին ֆութպոլիստ Ճոն Թերի: