Արցախի պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին, հայրենիքին համար իր պարտքը կատարելու ընթացքին նահատակուած է Արարատ Արմենիա-2-ի ֆութպոլիստ Էդիկ Կիրակոսեան, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ Կիրակոսեան կը գտնուէր պարտադիր զինուորական ծառայութեան մէջ:
Արարատ-Արմենիա ցաւակցութիւնները յայտնեց նահատակ մարզիկի ծնողքին, ընկերներուն եւ հարազատներուն:
Նշենք, որ Կիրակոսեան Փիւնիկ Երեւանի սան էր: